2014-12-17 08:43:34

Քիւրտիստանի մէջ կը բացուի դպրոց մը` նուէր ''Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն'' բարեսիրական մարմնէն։


(Ռ.Վ. 17 դեկտեմբեր 2014) ''Մանուկներու դաստիարակութիւնը մեր հիմնարկութեան գլխաւոր տարրերէն մէկն է։ Մենք պէտք չէ թոյլ տանք որ Իրաքին մէջ կրկնուի սխալը զոր գործադրուեցաւ Սուրիոյ մէջ, ուր, պատերազմի հետեւանքով, բազմաթիւ մանուկներ ու անչափահասներ զրկուեցան դպրոցէն, մեծ վնաս հասցնելով ապագայ սերունդներուն'', ըսաւ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական մարմնին միջազգային նախագահը Եոհաննէս Հիրէման` 11 Դեկտեմբեր 2014ին, բացումը կատարելով դպրոցին` նուէրը Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական մարմնին Իրաքի Քիւրտիստանի մանուկներուն։
Կառոյցը որ կը գտնուի Էրպիլի Անքաուա շրջանին մէջ, ուր կ՛ապրին մեծամասնութեամբ քրիստոնեաներ, կը հանդիսանայ առաջին շինութիւնը ուրիշ այլ ծրագիրներուն։ Արդարեւ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետական բարեսիրական մարմինը Իրաքի Քիւրտիստանին չորս միլիոն եւրօ տրամադրած է այլ 8 դպրոցներ կառուցանելու համար։ Կը նախատեսուի արձանագրութիւնը 7.200 աշակերտներու։ Շատ երջանիկ եմ ըսաւ Հիրէման, որովհետեւ դպրոցին բացումը կատարելով մեծապէս կը սատարենք քրիստոնեաներու պահպանումին Իրաքի մէջ։
Յայտնենք որ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետական բարեսիրական մարմինը մեծապէս գնահատուած է տեղական եկեղեցիէն։ ''Այս ծրագիրները մեզի համար յոյսի նշան են'' ըսաւ պատրիարք Սաքօ եւ աւելցուցած` ''այս դպրոցները գաղթականներու նոր տեսութիւն մը կու տան եւ այս պատճառաւ մեծապէս շնորհակալ ենք բարերարներուն''։
Նշենք թէ 2015 Յունուարի աւարտին այլ 8 դպրոցներու կառուցման աշխատանքները եւս պիտի աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.